Սագօ Արեան

Լուսանկարը` Անահիտ Հայրապետյանի

Բոլոր քարացած սրտերուն համար,
Անոնց համար որ մահը կը ծաղրեն
Կանաչ մամուռ կապած քարեղէն շէնքերուն մօտէն
Քալողներուն համար….
Կարծես ես եմ որ կը քալեմ
Դամասկոսի հին ճանապարհներէն….
Գրպանս Րեհանը յոյսի
Վէրքս ծալլած, մեղքս քամած կը քալեմ:
Շէյխի մը մրմունջին տակ թեւերս կը բանամ
Անկարելի խաչին տակ կը լռեմ:

Խնդրելով, պաղատելով օրն ի բուն
Որ գիշերը մահուան,
Սեւ գիշերը մոռացումի վերանայ:
Ափերուս մէջ ոտնալուայի կարգէն բերուած Կարագը դեղին
Ու ծարիրը թանձր,
Քսելու համար հեռացումներուն ու վիշտի Աչքերուն վրայ:

Յետոյ կը յիշեմ որ,
Ես այդքան սիրեցի արաբին աղօթքը եւ անոր եղերական մզկիթին ձայնը
Որ հաւատալս եկաւ որ իմ անցած կեանքերուս մէջ Իմամ էի
Բարակ ու դեղին մօրուքով.
Կարաւաններուն առջեւէն քալող ու
Կարաւաններուն ճանապարհ հարթող
Հաց պատրաստող,
Դիակ  հոգացող,
Ալլահ Կանչող մոնազն էի:
Յայնժամ
Ագրաւներու թեւերը կարմիր,
Վէրքերը կարմիր,
Այն վէրքերը որոնց մէջէն քալեցինք ձեռք ձեռքի
Աղօթեցինք,
Ու մերժեցինք ձեռք ձեռքի:
Պատանքները ճերմակ փռեցինք մայթերուդ
Ու մեր վշտաբաց ձեռքերուն սեւ ակեր դրինք:
Ու կապեցինք մեր աչքերը որ ներս մտնենք
Օմայատներու սուրբ ամրոցէն,
Գուցէ միայն մէկ անգամ…
Ըսելու համար որ `
Բանաստեղծութիւնը նախ կարմիր է,
Կամ մտածելու որ,
Քրիստոսի արիւնը չհերիքեց որ մաքրենք
Կեղտ ու փոշի կապած,
Հինցած ապակիները այս քաղաքին:
Դամասկոս փողոցներդ, մայթերդ բանուկ
Ու մութի մէջ կորած,
Խունկ ու հաշիշ վաճառող դէմքերդ
Տէրվիշներդ, իմաստուններդ ու
Դարիւ-դարիւ քու մասին երգող աշուղներդ:
Քեզի լքեցին ու անցան…
….
Եթէ բառը բալասան է վերցուր այն վէրքերուդ համար:
Եթէ աչքերդ տխուր են,
Սեւ Սիւրմէ քսէ չտեսնեմ լացդ…
Եթէ վէրքերդ մեծ են ու արիւնոտ,
Սմբուլ ու ռեհան ցանէ  անոնց վրայ:
Հիմա իմ ծառերս պիտի ծաղկին
Օ՛ ինչքան արեւելք կը հոտին ներբաններս ու մատներս այսօր:
Ինչքան ծովերուս խորունկին մէջ մտած եմ հիմա
Կարմիր մոմ մը վառելու պէս.
Ու չկարծես, որ մեռելներդ քու նեղ ու չքնաղ պարիսպներէդ
կ‘արձակեն իրենց հոգիները Մեղաւոր:
Չկարծես, որ Իմամներդ միայն Արաբերէն կը խօսին
Չկարծես, որ վիշտը որ փողոցներէդ հեղեղի պէս կը վազէ ու հոսանքի պէս կ‘աճի
Պիտի չխոստովանի այս բոլոր պատահածներուն ու սեւ թանձր մեղքին համար:

Դամասկոս,
Աղօթքներս քեզի համար են,
Քեզ բառ առ բառ տաշեցի,
Քեզ գրկեցի,
Մտայ անտէր ու դատարկ խորաններուդ մէջ…
Մտայ օրհասիդ ու ցաւիդ մէջ:
Մտքէս ըսի,
Այսօր Քրիստոսին հետ խօսիմ
Հարց տամ այս  փաթթուած մաքուր պատանքներուն մասին
Կեռասին մասին, Սարդին, մեխակին դեղին…
Սիրտս դրի քարիդ տակ
Հագայ տօնական կարմիր հանդերձանքդ:
Իջայ գրաբարեայ աստիճաններէդ
Վար
Ուր նախահայրերս
Իրենց լոյսով խաւարիդ փոշին մաքրեցին…
Լուալու համար վէրքս
Իջայ,
Լուալու համար անուանս շիջումը,
Լուալու համար հեռացումներուս հեռացումը
Լուալու համար երեսս.
Լուալու համար արծաթեայ ժպիտը
Հին ու լուսաւոր բնակիչներուդ:
Դամասկոս
Լուալու համար ոտքերդ:
Դիր սեղանին ոտքերդ, վէրքերդ մաքրեմ
Օծանելիք ու սնդուս,
Թուփերուդ ու մեղանչած կիներուդ ոռնոցին հետ,
Մթնալոյսին
Աստծոյդ ու սատանայիդ լռութեան ժամացոյցին առջեւ…
Հեթանոս աչքերս քեզի տամ…
Դամասկոս
Դուն անկորնչելի անասելի քաղաք
Ինչո՞ւ այսպէս քարացաւ սիրտդ
Ինչո՞ւ այսպէս ոգիդ ճզմուեցաւ
Ինչո՞ւ այսպէս սիրեցիր մահը ու մտար անոր նեղ արգանդին մէջ…
Թաղերուդ մէջ Դամասկոս
Պզտիկ սէրէր մոռցեր եմ
Ու քարերուդ տակ հին յունարէն աղօթագիրքս
Դամասկոս Սէրս:
Տակաւին կը սրդողամ արձաններուդ մէջէն անցնելու
Հին անդիք դէմքեր շունչս կը բռնեն:
Հին անդիք դէմքեր շունչս կը պահեն:
Կիսանդրիները կ‘իյնան բայց կը մնաս:
Դամասկոս,
Դամասկոս Իմ սէրս:

Կիսվել նյութով

Թողնել մեկնաբանություն