՚2013 թուականի լիբանանահայ մշակութային կեանքի ամենայատկանշական իրադարձութիւններէն մէկը հանդիսացաւ ՙԱրին՚ պարախումբի ՙԼեռներու Կանչը՚ խորագրուած պարային բեմադրութիւնը, որ ներկայացուեցաւ Մայիս 10-էն 12, Էմիլ Լահուտի անուան ՙՀամագումարներու Պալատ՚ին մէջ, Պէյրութ, Լիբանան:
Երկմաս` հայկական ազգագրական պարերու ընտրանի մը եւ Արամ Խաչատրեանին նուիրուած պարային իւրայատուկ պատկեր մը ընդգրկող այդ բեմադրութիւնը յատկանշուեցաւ թեմաթիկ յագեցուածութեամբ, ծաւալի մեծութեամբ, գեղարուեստական խելացի եւ նուրբ լուծումներով, պարային, բեմադրական, երաժշտական, թեքսթային եւ տեսողական ձեւաւորումներու դիպուկ համադրումով, ինչպէս նաեւ մանուկ, պատանի եւ երիտասարդ պարողներու կատարողական պատրաստուածութեամբ: Այս բոլորը արգասիք կրնային ըլլալ միայն լուրջ, նպատակամղուած, հետեւողական եւ ամէնաէականը` ոգեշնչուած եւ յանձնառու աշխատանքի մը, որ արուեստի որեւէ գործի կը շնորհէ մարդոց հոգիներուն մէջ իր ներազդեցութիւնն ու թելադրանքները երկարօրէն հնչեղ պահելու նկարագիր:
ՙԼեռներու Կանչը՚ բեմադրութեան հեղինակը լիբանանահայ արուեստագէտներու նորագոյն սերունդի ներկայացուցիչ Գայիանէ Մածունեանն է, ՙԱրին՚ պարախումբի պարուսոյցն ու գեղարուեստական ղեկավարը, որ պարախումբին հետ ներկայացումէ ներկայացում աւելի ու աւելի ի ցոյց կը հանէ արուեստագէտի եւ կազմակերպիչի այնպիսի որակներ, որոնք ընդգծուած յաւելում կը բերեն լիբանանահայ պարարուեստի ոլորտին, ոլորտ մը, որ միշտ իր անփոխարինելի տեղը պիտի ունենայ մեծցող սերունդներու հայեցի կազմաւորման, գեղարուեստական դաստիարակութեան եւ լայն հանրութեան արուեստի կարիքները հոգալուն մէջ:
Գայիանէ Մածունեանի հետ հարցազրոյցը կը ներկայացնենք ընթերցողներու ուշադրութեան, լուսարձակի տակ բերելու համար թէ անձնապէս անոր գեղարուեստական հայեացքները եւ թէ ՙԼեռներու Կանչը՚ բեմադրութեան նկարագիրը, միաժամանակ մեծապէս դրական գնահատական մը արձանագրելու երիտասարդ արուեստագէտի մը կատարած աշխատանքին, որուն արժէքը պէտք է ընդգծուի` յանուն մեր ազգային մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման, յանուն հայ նոր սերունդի ազգային կազմաւորման մղուող դժուարին պայքարի խորապատկերին վրայ:
Գայիանէ, բոլոր մարդիկ կը ձգտին յաջողութեան: ՙԼեռներու Կանչը՚ ներկայացման պատրաստութիւնը յստակօրէն եւ ակներեւաբար պահանջած է հսկայածաւալ աշխատանք- 155 պարողներու պատրաստութիւն, ստեղծագործական բազմանդամ կազմի մը հետ տեւական աշխատանք, ամբողջովին նոր բեմադրութիւն, նոր պարադրումներ, նոր տարազներ, նոր երաժշտական ձեւաւորում, յատուկ վիտէօ տեսանիւթ, բեմի նոր ձեւաւորում, եւ այս բոլորի ետին` հարիւրաւոր ժամերու ուսումնասիրութիւններ: Ի՞նչն է որ քեզ կը մղէ կատարելու այսքան ծանր աշխատանք:
Հայկական պարարուեստին մէջ փորձառութեանս տարիները գրեթէ հաւասար են կեանքիս տարիներուն: Շատ փոքր տարիքիս, երբ Լիբանանը կ’ապրէր քաղաքացիական պատերազմի ծանր ժամանակաշրջան, մասնակից էի գաղութի պարային գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն: Մանկական սէրս պարի հանդէպ սկսաւ տարուէ տարի աճիլ եւ դառնալ առօրեաս զարդարող հիմնական զբաղումը: Դպրոցական վերջին տարիներուս, ապագայի հետ կապուած ծրագիրներուս ճանապարհը սկսաւ խիստ թեքում ստանալ. այդ ճանապարհը պարարուեստն էր: Տարիներու փորձառութեանց ընթացքին, հասաւ պահը, երբ անդրադարձայ, որ շատ յաճախ հայկական բեմական պարարուեստը կը հանդիպի սահմանափակումներու եւ միօրինակ շրջագիծ մըն է որ կը պտտուի, շատ քիչ նորութիւններ կրելով իր մէջ: 2007-ին, երբ իմ ղեկավարութեան վստահուեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ՙԱրին՚ պարախումբը, ինծի համար ստեղծուեցաւ առիթ մը` դառնալու զինուոր հայկական պարարուեստի եւ մասնակցիլ անոր տարածման` անձնական եռանգաւորում տալով անոր: Եւ սկսաւ ճամբորդութիւնը դէպի գեղեցիկի աշխարհ: Անշուշտ դիւրին չէ աշխատիլ երեխաներու հետ, զանոնք մղել դէպի ծանրաբեռնուած աշխատանք` առանց խլելու մանկական իրենց տրամադրութիւնը: Աշխատանքի ընթացքին է, որ պահանջները սկսան ձեւափոխուիլ. Ինչքան հումքը կը հասուննար, այնքան ալ պարտաւորուած կը զգայի ես անձամբ աճիլ եւ զարգանալ: Երեխաներու հետ աշխատանքի ընթացքին մէկ բան հասկցայ, որ իրենք չէ որ պէտք է հետեւին ուսուցիչին, այլ ուսուցիչը պէտք է այնքան ճկուն ըլլայ, որ կարենայ հասնիլ երեխայի պահանջներուն եւ կապ պահէ ներկայ օրուան հետ: Կատարուած ծանր աշխատանքի հիմնական պատճառը երեւի այդ է` մարտահրաւէրը ինքս իմ անձիս հետ, ինքզինքս գերազանցելու ձգտումը եւ ժամանակին համահունչ ստեղծագործական եւ ուսուցողական մօտեցումներու գործադրումը` պարտականութիւններուս կատարման մէջ:
Քու կեանքիդ, պարարուեստի մէջ փորձառութեանդ, կամ ընդհանրապէս` արուեստի մէջ, կա՞ն մարդիկ, ովքեր աշխատելու մղումիդ մէջ ներշնչողի կամ օրինակելի կերպարի դեր կատարած են: Ո՞վ կը ներշնչէ քեզ տակաւին, ներկայիս:
Անշուշտ, որ կան, միշտ եղած են եւ յուսամ երբեք չեն բացակայիր: Փոքր տարիքիս անոնք անմիջական շրջապատէս մարդիկ էին: Պարարուեստի մէջ ինծի համար նոր հորիզոններ բացած ուսուցիչս` Ֆելիքս Յարութիւնեան, առաջինն էր որուն հետ սորվեցայ ՙչ՚ ժխտական մասնիկը բառապաշարէս հանել: Պատանի տարիքիս տեսայ Հայաստանի ՙԲարեկամութիւն՚ համոյթի ելոյթը Նորայր Մեհրապեանի ղեկավարութեամբ եւ այդ պահուն համոզուեցայ , որ միայն բեմը կրնայ ըլլալ իմ ճիշդ արտայատուելու տեղը:
Համաշխարհային բեմէն Մօրիս Պէժար, Փինա Պաուշ, Ժիրի Քիլիան` ասոնք անուններ են որոնք ունին լուրջ ներդրումներ ժամանակակից պարարուեստի եւ իմ ճաշակի ձեւաւորման ընթացքին մէջ:
Այսօր, հիմնական ներշնչումս պարախումբի անդամներն են: Երբ մէկ անգամ երեխայի մը աչքերը փայլին քու պատճառով, այլեւս կը բռնուիս այդ վայելքի ՙցանց՚ին մէջ, կ’աշխատիս անընդհատ վերատեսնել այդ փայլքը եւ այդ ճանապարհին` հազար ու մէկ այլ հրաշքներ:
Ինչո՞վ կարելի է յատկանշական համարել ՙԱրին՚ պարախումբը եւ ՙԼեռներու Կանչը՚ ներկայացումը:
ՙԼեռներու Կանչը՚ երրորդ ներկայացումն է իր տեսակին մէջ, որ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ՙԱրին՚ պարախումբը կը ներկայացնէ իմ ղեկավարութեամբ: Կարծես սովորութիւն դարձաւ, որ ՙԱրին՚ պարախումբի ելոյթները լոկ պարային գեղեցիկ համարներով լեցուն ներկայացումներ չըլլան միայն, այլ ունենան հանդիսատեսը երկու ժամ կապող հետաքրքրական պատմութիւն մը, որ կը ստիպէ անոր սրահէն դուրս գալէն ետք խորհելու եւ վերլուծելու բեմին վրայ տեսածը: Նկատի ունենալով որ սփիւռքի հայկական միութիւնները բոլորն ալ ունին հիմնական մէկ նպատակ` հայապահպանում, ես որպէս խումբի ղեկավար եւ երեխաներու հետ աշխատող, պարտքս կը համարեմ պարը լոկ ֆիզիքական զբաղումէն վեր քաշել եւ միանալով միութեան հայապահապանման նպատակին, պատրաստել այս գաղութի երեխաները, նախ որպէս արուեստասէր մարդ եւ ապա որպէս բանիմաց հայ: Պարախումբի տարեկան ծրագիրներու հիմնական նպատակը պարողն ու հանդիսատէսը մէկ քայլ աւելի մօտեցնելն է մեր մշակոյթին, բեմական ներկայացման ժամերը կիսելով գեղեցիկ հաճելիին եւ օգտակարին միջեւ: ՙԼեռներու Կանչը՚ պէտք է ունենար այս բոլոր տուեալները, եւ ջանք չխնայուեցաւ ՀԵԸ-ի եւ անոր վստահուած արուեստագէտներուն կողմէ, հանդիսատեսին ներկայացնելու բարձր որակի գործ:
Կը նկարագրե՞ս ՙԼեռներու Կանչը՚ ներկայացման յղացումի, անոր ստեղծման գործընթացը:
Ելոյթի պատրաստութիւնները սկսան արդէն 2012-ի ամրան ընթացքին, երբ ՀԵԸ-ի ՙԱրին՚ պարախումբը մեկնեցաւ Հայաստան, մասնակցելու ՙԻմ Հայաստան՚ համահայկական փառատօնին: Հանդիպեցանք պարահաւաք եւ ազգագրական պարերու մասնագէտ Գագիկ Գինոսեանին եւ պատանիներու հետաքրքութիւնը ազգային պարին հանդէպ մղեց մեզ քննարկելու համագործակցութեան հեռանկար մը:
Իսկ համագործակցութիւնը չուշացաւ: ՀԵԸ-ի Լիբանանի կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով, մենք հիւրընկալեցինք պարոն Գինոսեանը, եօթ շաբաթներ երկարող ժամանակամիջոցի մը վրայ, որուն ընթացքին պարախումբի աւագ խումբի տղաներն ու աղջիկները մօտէն ծանօթացան հայ ազգային պարի անաղարտ տեսակին, սորվելով ոչ միայն տարբեր գաւառները ներկայացնող պարերու պարաքայլերը` այլ այդ պարերուն ընդմէջէն ծանօթանալով հայ ժողովուրդի հնագոյն կենցաղին, սովորոյթներուն, մշակութային եւ ազգային արժէքներուն:
Երկրորդ մասը, որ նուիրուած էր հայ մեծ երգահան Արամ Խաչատուրեանին, ծննդեան 110 ամեակին առթիւ,իր ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն կը ներկայացնէր իր կեանքը, ապրած ժամանակաշրջանն ու զայն յատկանշած դարակազմիկ իրադարձութիւններուն ազդեցութիւնը իր արուեստին վրայ: Այս մասի պատրաստութեան համար ուսումնասիրուեցաւ մեծ երգահանի կեանքը` իր բոլոր մանրամասնութիւններով, շարունակական ունկնդրումի առարկայ դարձան անոր ստեղծագործութիւնները, ուսումնասիրուեցաւ անոր ապրած բարդ եւ հակասական ժամանակաշրջանը, հաւաքուեցաւ լուսանկարներու եւ վիտէօ նիւթերու մեծ պաշար, գրուեցաւ յատուկ պատմողական թեքսթ` բեմադրութեան համար, պատրաստուեցաւ վաւերագրական բնոյթի յատուկ տեսանիւթ եւ ծնունդ առին նոր պարեր` յատուկ եւ նոր դիպաշարի մը համաձայն. այս եւ առընչակից մասերու համադրումէն ծնունդ առաւ Խաչատուրեանին նուիրուած պարային բազմաս պատկերը, որ ծառայեց մեր հետապնդած նպատակներուն` թէ դաստիարակչական եւ թէ արուեստի տեսանկիւններէն: Աւելցնեմ, որ երկու մասերուն համար ալ ստեղծուեցան նոր տարազներ` համահունչ իւրաքանչիւր մասին թեմային եւ ոգիին, մինչ բեմական ձեւաւորումը եկաւ ամբողջ ներկայացումը ընդգրկելու թեմաներուն համահունչ բեմական միջավայրի մը մէջ:
Զուտ բովանդակային մասով` գլխաւորաբար ի՞նչ գաղափարներու շուրջ հիւսուած էր այս ներկայացումը:
ՙԼեռներու Կանչը՚ ներկայացման առաջին մասը կ’ընդգրկէր 10 հայկական ազգագրական պարեր` Փափուռի, Շաւալի-Խոշ Պիլազիկ, Շարանի, Կարնոյ Քոչարի, Մածուն եմ դրել վըր դարում, Շատախի ռազմապար, Թարս պար, Ծաղկաձորի, Եարխուշտաեւ Սղերդի Քոչարի: Առաջին անգամն էր, որ լիբանանահայ բեմին վրայ կը ներակացուէր պարային նման ընտրանի` մէկ ամբողջութեան մէջ, ուր կ’արտացոլային հայ ժողովուրդի հնագոյն հաւատալիքներն ու սովորութիւնները, կենցաղն ու առօրեան, ինչպէս նաեւ դաւանած արժէքներն ու հետապնդած իտէալները, պահ մը այդ ամբողջը վերակենդանացնելով մեր հոգիներուն մէջ:
Ներկայացման երկրորդ մասը ստեղծեց այն պայմանը, որ հանդիսատեսներուն աչքերուն առջեւ յստակօրէն գծագրուի մեծ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի կեանքն ու ստեղծագործական ամբողջ ընթացքը` մանկութեան տարիները,անոր Մոսկուա հաստատուիլն ու երաժշտական կրթութիւն ստանալը, մինչ համաշխարհային երկրորդ պատերազմը եւ անոր ընթացքին արձանագրած բուռն վերելքը, պատերազմի յաջորդած տարիներուն ապրած հոգեկան տառապանքներն ու սովետական իշխանութիւններուն կողմէն անհիմն ամբաստանութիւններու ենթարկուիլը, վերջապէս հասնելու համար անոր համաշխարհային յաղթանակներուն:
8 ամիսեր երկարող ժամանակին մէջ պարախումբը ներկայացուց իրարմէ շատ տարբեր երկու աշխարհ` հայ ազգի դարաւոր մշակոյթէն հատուած մը եւ քսաներորդ դարու հայ հանճարի մտքի եւ հոգիի թռիչքը: Ելոյթի աւարտին, այդ աշխարհները գտան իրենց միացման հարթութիւնը, ցոյց տալու համար, որ ժողովուրդ մը, ըլլայ ան իր հաւաքական վիճակին մէջ կամ ներկայանայ անհատներու միջոցաւ, իր արտայայտման տարբեր ձեւերուն մէջ նոյնիսկ ունի մէկ արմատ` հողը, բնութիւնը որ կը ներշնչեն զինք: Արա Խաչատուրեանի երաժշտութիւնը մինչեւ այսօր կը հնչէ համաշխարհային բեմերէն, բայց ունի նոյն արմատը ինչ մեր գեղջուկ երաժշտութիւնը: Երբ անհատը ունի յստակ ազգային պատկանելիութիւն, երբ կը սնուցուի այդ պատկանելիութեան ակունքներէն` ճիշդ տուեալներով, թեւեր տալով իր անձնական ներաշխարհին, ան կրնայ հասնիլ համաշխարհային ճանաչման, իսկ գործը դառնայ համամարդկային արժէք:
Աւելի քան 4000 հանդիսատես, երկար ծափահարութիւններ` սրահին մէջ եւ գրեթէ անխառն դրական արձագանգներ` սրահէն դուրս.ինչի՞ն մէջ կը կայանայ այս ներկայացման յաջողութիւնը:
ՙԼեռներու Կանչը՚ ներկայացման, ինչպէս նաեւ ՀԵԸ-ի ՙԱրին՚ պարախումբի անցած տարիներու ելոյթներու յաջողութիւններուն ետին կան մի քանի տարբեր ազդակներ: Միութիւնը, որ ունի վարչական տարբեր կառոյցներ, ամբողջութեամբ նուիրուած է ՙԱրին՚ի յառաջընթացին եւ յաջողութեան: Պարախումբի անմիջական վարչութեան ատենապետ տիկին Անի Պոտրումեան, իր կազմին հետ միասին կ’աշխատի խումբի առօրեայ խնդիրները լուծել, ինչպէս նաեւ ելոյթի օրերուն ապահովել հանդիսատես եւ ամէնէ կարեւորը` բեմի ետին ղեկավարել շատ ծանր քուլիսային աշխատանքը: Հոս անպայման պէտք է նշել, որ ՙԱրին՚ պարախումբը ունի հրաշալի ծնողներ, որոնք կ’ընեն կարելին իրենց զաւակներուն սիրելի խումբին օգտակար դառնալու համար:
Ի մասնաւորի ՙԼեռներու կանչը՚ իր ստեղծումն ու կեանքի կոչուիլը կը պարտի մասնագէտներու փոքր խումբի մը, որոնց հետ միասին կ’աշխատինք ամիսներ շարունակ յանուն մէկ նպատակի: Վարդան Թաշճեանի գեղեցիկ բառերն են որ կը հնչեն բեմին վրայ, ՙԱրին՚ի այս ներկայացումին տալու պոետիկ շունչ: Նախորդ տարուան (ՙՈսկէ Ձայնապնակը՚) ներկայացման համար, առաջին համագործակցութիւնը ունեցանք պարոն Թաշճեանին հետ, եւ ի ուրախութիւն մեզ եւ հանդիստեսին, ՀԵԸ-ի պարախումբի ելոյթները սկսան զուգորդուիլ պատմողական գրականութեան հետաքրքրական այս տեսակին: Ազգագրական պարերուն եւ Խաչատուրեանի կեանքին ու ստեղծագործութեան մասին բեմէն հնչող խօսքը շատ դիպուկ էր ե՛ւ բովանդակութեան ե՛ւ ոճի առումով, ինչը կ’ապահովէր ընդհանուր ներկայացման ներդաշնակութիւնը: Ես ինծի բախտաւոր կը համարեմ աշխատելու գաղութի բեմի սիրահարներուն հետ, ինչպէս Վարդան Մկրտիչեանն է: Արդէն երրորդ տարին է, որ Վ.Մկրտիչեան իրականութիւն կը դարձնէ իմ ստեղծագործական մտքի պատկերացումները, իրականացնելով բեմայարդարման, ձայնային եւ երաժշտական համադրումի, ներկայացման որմազդի պատրաստութեան, ելոյթներու ընթացքին ցուցադրուող տեսաերիզներու պատրաստութեան աշխատանքները: Ան գործի կը դնէ նաեւ իր դերասանի մասնագիտութիւնը, ընթերցելով յատուկ պատրաստուած թեքսթերը: Ներշնչումէն մինչեւ բեմ երկար ճանապարհ է, եւ Վ. Մկրտիչեանի աշխատանքը ո՛չ միայն կը զարդարէ իմ մտայղացումներս, այլ նաեւ կը ստեղծէ մնայուն արժէքներ:
Անշուշտ ՙԼեռներու Կանչը՚ի ստեղծագործական խումբը ունեցաւ շատ կարեւոր յաւելում` յանձինս պարոն Գագիկ Գինոսեանի, որ երկու ամսուայ համար, ձգելով իր հիմնական աշխատանքն ու ընտանիքը, շաբաթական վեց օրուայ դրութեամբ, նոր շրջան մը գծեց ՙԱրին՚ի համար: Պարոն Գինոսեան դարձաւ մեր ընտանիքի անդամ, մեծահոգաբար եւ ինքնամոռաց աշխատեցաւ մեզի փոխանցել այն ամէնը ինչ մոռցուած է շատերուն կողմէ, եւ Լիբանանահայ պատանիներուն սիրցնելու այն` ինչ այնքան հարազատ է, բայց միեւնոյն ժամանակ մնացած օտար` պայմաններու բերումով:
Ի ուրախութիւն մեզ, ՀԵԸ-ը ունի լայնախոհ եւ յառաջադէմ մտածելակերպով կեդրոնական վարչութիւն, գլխաւորութեամբ պարոն Վիգէն Չերչեանի, որ աշխուժօրէն մասնակից եւ ղեկավար է պարախումբին: Պարոն Չերչեան, հասկնալով երեխաներու դաստիրակութեան այս տեսակի կարեւորութիւնը, իր ամբողջական վստահութիւնը դնելով մասնագէտներուն աշխատանքին, մանրազննին կը հսկէ խումբի աշխատանքային ընթացքը: Շատ են այն մարդիկ, որոնք ՙԱրին՚ի եւ իմ կողքին են, եւ մեր միասնական աշխատանքն է միայն այս խումբի յաջողութեան գաղտնիքը եւ հանդիսատեսի վստահութիւնը շահելու եւ պահպանելու երաշխիքը:
ՙԼեռներու Կանչը՚ կը կրէր նաեւ ուսուցողական-դաստիարակչական նշանակութիւն մը: Պարախումբի մանուկ, պատանի եւ երիտասարդ անդամներուն վրայ ան ի՞նչ ներգործութիւն ունեցաւ այդ դիտանկիւնէն: Ի՞նչը կարելի է համարել ամենամեծ ձեռքբերումը` դարձեալ այդ դիտանկիւնէն:
ՙԱրին՚ի գործունէութիւնը ինքնին կը կրէ ուսուցողական-դաստիարակչական նշանակութիւն: Տարուէ տարի պարողներուն մօտ կը զարգանայ պարային, մարմնի կրթութեան գիտելիքներու շտեմարանը: Միայն հետեւողական աշխատանքն է, որ ժամանակի ընթացքին տեսանելի կը դարձնէ աճը: Իսկ ինչ կը վերաբերի ՙԼեռներու Կանչը՚ ներկայացման ներգործութեան մասին, ՙԱրին՚-ի անդամները սորվեցան աւանդական պարի տեսակները, անոնց կատարման առիթներն ու իւրայատկութիւնները, ազգային մշակոյթի այլ մանրամասներ, որոնք ուղղակի թէ անուղղակիօրէն կապուած էին իրենց փոխանցուած պարերուն: Խումբի տղաները ստացան մեծ քաջալերանք, սորվելով հայ տղամարդուն յաղթական կեցուածք ներշնչող ռազմապարերը: Ա.Խաչատուրեանի կենսագրութենէն գրեթէ անծանօթ երես չմնաց պարողներուն համար: ՙԱրին՚ի իւրաքանչիւր անդամ այսօր լաւապէս կը ճանչնայ մեր այդ մեծագոյն հանճարը, որուն երաժշտութեան տակ պարեցին եւ մէկ աստիճան բարձրացան իրենց ազգային ինքնաճանաչողութեան սանդուխին վրայ:
Կը յուսանք, որ ՙԱրին՚ պարախումբին մէջ տիրող պրպտումի ալիքը բեմէն ոգեւորէ նաեւ մեր հանդիսատեսը, որպէսզի բոլորս ալ աւելի ուշադիր ըլլանք մեր ազգային ժառանգութեան հանդէպ եւ անցնելով մեր վերնագրային գիտելիքներու սահմանը` նախանձախնդիր ըլլանք հայ մշակոյթի եւ արուեստի աւելի խոր ուսումնասիրութեան եւ անոր աւելի գիտակից պահպանմանե:
Ինչպէ՞ս կրնաս նկարագրել ՙԱրին՚ պարախումբին հետ պարի փորձի տիպական օր մը:
Չէք կրնար երեւակայել ինչ տեղի կ’ունենայ ՙԱրին՚ի փորձերուն ժամանակ: Երեխաները եւ պատանիները ոչ միայն հաճոյքով կը սորվին իրենց տրուածը, ալ նաեւ կը պահանջեն միշտ նորը,հետաքրքրականը նոյնիսկ իրենց կարողութիւններէն բարձր վարժութիւններ: Երբ սկսանք ելոյթները ներկայացնել որոշակի թեմայի մը շուրջ` սկսան մեր հանդիպումները աւելի հետաքրքրական դառնալ: Պատահած է, որ դասի մը ընթացքին աւելի շատ երգենք քան պարենք, որ պարողները լսեն պատմութիւններ եւ ամբարեն ոչ անպայմանօրէն պարային գիտելիք: Երբ աշխատանքը աւելի փոքրերուն հետ է, օգնականներուս` Արազ Րաստկելենեանի եւ Հայարփի Ճերեճեանի հետ միասին, երջանիկ պահեր կ’անցնենք անոնց անմիջականութեան ոլորտին մէջ գտնուելով. Հրաշալի բան է երբ երեխան աչքերուդ առջեւ կը զարգանայ եւ կը սկսի բողբոջներ տալ: Արտայայտուելու ազատութիւնը, ըլլայ պարի կամ խօսքի միջոցաւ, մեր փորձերուն կու տան տաքուկ, ապահով մթնոլորտ: Անշուշտ մեծերուն հետ քիչ մը տարբեր է. մօտեցման ձեւը քիչ մը փոփոխութեան ենթարկելով, մեծերուն հետ զարկ կը տրուի ստեղծագործական ջիղին: Անոնց հետ առաջնահերթուեան կը վերածուին մտաւոր եւ Ֆիզիքական մարտահրաւէրները: ՙԱրին՚ի մէջ արդէն գիտեն, որ միայն եւ միայն ինքդ քեզ մարտահրաւէրի ենթարկելով է, որ զարգացումը տեղի կ’ունենայ, բան մը, որ կը պահանջեմ պարողներէս, փորձելով անձամբ օրինակ ծառայել :
Պարերու բեմադրութիւնները ինչպէ՞ս կը ծնին քու մէջդ: Ինչպէ՞ս կը զարգանան անոնք: Ե՞րբ կրնաս համարել, որ պար մը ստացուած է արդէն, ու իր տեղը գտած` ընդհանուր պատկերին մէջ:
Գործիս դժուարութիւնը այն է, որ պէտք է պար բեմադրելուն կողքին ես պատրաստեմ զայն կատարողները: Բեմադրութիւնները կը տարբերին ըստ տարիքային պահանջներուն: Փոքրերուն համար պարերը պէտք է ըլլան պարզ եւ յստակ կշռոյթով, առիթ տալու համար երեխային կարենալ ներկայացնել պատկերը իր ճշգրտութեան մէջ: Այն պարերը զորս պիտի կատարեն մեծերը անշուշտ լրիւ ուրիշ հարթութեան կը պատկանին: Երեւի հերիք է, որ երաժշտութիւնը երկու անգամ լսեմ, որպէսզի սկսին նկարները յայտնուիլ ուղեղիս մէջ: Կը սիրեմ ժամանակակից ազատ ոճը խառնել ժողովրդականին: Իմ ստեղծած պարերս աւելի շատ կը ներկայացնեն զիս, որպէս ստեղծագործող, քան ուրիշ բան: Նախասիրութիւններ ունիմ անշուշտ իմ իսկ ստեղծագործութիւններուս մէջէն. իւրաքանչիւր տարի միշտ ալ բեմին կ’ըլլայ մէկ կամ երկու պար, որոնք կը դառնան այդ ելոյթի մակնիշը: Պարի ստեղծման հետ համատեղ, մտքիս մէջ կը ստեղծուի նաեւ տարազը: Իւրաքանչիւր երաժշտութիւն կը ներշնչէ գոյն, նկար եւ տրամադրութիւն:
Ինչպիսի՞ն եղաւ ՙԱրին՚ պարախումբի անցած ուղին` քու գեղարուեստական ղեկավարութեամբդ: Ի՞նչ ձեռքբերումներ ունեցաք:
ՙԱրին՚ը եղաւ այն ընտանիքը ինծի համար, ուր ժամանակի ընթացքին ես դարձայ ղեկավար: Վեց տարիներ առաջ խումբը երբ ստանձնեցի, ունէինք 45 անդամներ եւ տարուայ կտրուածքով 400 հանդիսատես: Այսօր արդէն խումբը կը բաղկանայ 155 անդամներէ (6էն մինչեւ 25 տարեկան) եւ տարեկան ունի 4000 հանդիսատեսէն աւելի: ՙԱրին՚ը ամէն տարի Մայիս ամսին բեմ դուրս կու գայ նոր ներկայացումով մը` ամբողջական կազմով. ան մասնակացած է լիբանանեան փառատօններու, ինչպէս նաեւ 2012 թուականին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած ՙԻմ Հայաստան՚ փառատօնին`60 հոգինոց կազմով, արժանացած է պատուոգրերու` ՀՀ Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութիւններուն կողմէ: Բայց եւ այնպէս ՙԱրին՚ի ամենակարեւոր ձեռքբերումը իմ կարծիքովս պարողներու այն մեծ ընտանիքն է, որոնք բաց սրտերով կու գան պարախումբ` հայ մնալու:
Ի՞նչ են ապագայի նպատակներդ` պարի հետ կապուած:
Պարը արուեստի այն ոլորտն է, ուր ի գործ կը դրուի մարմինն ու հոգին` յանուն գեղեցիկի: Ծրագիրները շատ են եւ բազմապիսի, բայց նպատակը միշտ մէկը` ստեղծել գեղեցիկը: