«Արաս» հրատարակչութեան խմբագրական կազմի անդամ: Ծնած է 1991-ին, Պոլիս: Աւարտած է Կեդրոնական Վարժարանը 2008-ին: 2013-ին Պոլսոյ Պիլկի համալսարանէն ստացած է «Բաղդատական Գրականութիւն» ճիւղի վկայականը: Ներկայիս կը պատրաստէ իր աւարտաճառը Պոլսահայ հեղինակ Զաւէն Պիպեռեանի գրական արուեստին մասին, որպէս ուսանող նոյն համալսարանի «Մշակութային Պրպտումներ» բաժանմունքի:
Ես բնաւ
Խառնուրդ մը
Նշխարները անցեալի ու
ձայնը քաղաքի
Ես բնաւ ծանօթ չէի
Ժամանակի մը երազային
Միակտոր, անբաժանելի
Խորանարդ մը
Երեսները սակաւախօս,
անշօշափելի
Ես բնաւ փորձած չէի
Ականջ տալ սկզբնական շշուկին
Իբրեւ աշակերտ
Այդ յաւիտենական գաղտնիքի
Խորհուրդ մը
Որ պատրելով
յիշողութեան պաստառը
Խաւարը կը վերածէ լոյսի
Ես բնաւ թափանցած չէի
Այդ ձերբազատ իրականութեան
Ընդմիշտ ու եզակի
Եռանդուն
Մասնակից մը
Մասնակից մըն եմ
Այս վազվզուքին կեդրոնը անշարժ
Բառերս միշտ թերի եւ կարճ
Գոյութիւնս անտեսանելի
Իսկոյն կը մատնէ
ներաշխարհս զիս
Ու երբ մնամ մօրէ մերկ
Դիմագիծ մը կ’ուրուագծուի
Փոխարէն իրականի
Եռանդուն
Յարութիւն
Կ’արձագանգէ անունդ
ռումբի մը նման
Տարածութիւնը կը լուայ
Ծովն իսկ գունաթափ այդ
նախկին սարսափով
Բնութեան ծոցը
անպաշտպան կը մնամ
Կը մագլցին աստղեր անշշուկ
Վերջնական ճակատամարտին
հապճեպով
Պահը սրբազան
Պահը գերագոյն
Ցիրուցան երկինքը
ինծի կը փոխադրէ
Իր ճաճանչաւոր վերարկուն
Յարութեան նշոյլ մը կը ծագի
Մահամերձ հոգւոյս վրայ
Նորանոր կայծ մը
Ու ստեղծելու կամքը
Ալ անսանձ կը դառնայ
Եռանդուն
Փնտռտուք
Մենք մեզի մնացինք
Եւ մտածեցինք
Մենք մեր մէջ
Թէ ի՞նչ էր
Մեզ բաժնողը ձեզմէ
Դուք ձեզի մնացիք
Արդեօք բնաւ մտածեցի՞ք
Դուք ձեր մէջ
Թէ ներկայ ըլլալու հանգամանքը
Կը պարտիք մեր բացակայութեան
Այդ աղբիւրն է որ
Կը փնտռեմ հիմա
Ձեր շունչը խնայող մեզմէ
Կոյրի մը պէս բնազդաբար
Խարխափելով
Ու կը ճանկեմ ոչնչութիւնը
Ոդիսական մը յարատեւ
Մշտնջենական
Ճամբաներ կը մաշեցնեմ անխոնջ
Մկրտուած այս
նախնական անէծքով
Եռանդուն